2013-07-10 08:27:19

Ուժգին Պայթում Մը Ցնցեց Հարաւային Արուարձանները` Խախտելով Լիբանանի Ապահովական Կայունութիւնը


Երեքշաբթի 9 յուլիս առարօտեան ժամը 11:00-ին, ուժգին պայթում մը ցնցեց Պէյրութի Հարաւային արուարձանները` պատճառելով 54 վիրաւոր եւ նիւթական հսկայական վնասներ:
Հարաւային արուարձաններուն պայթումը պատահեցաւ խիտ բնակչութիւն ունեցող Պիր Ապըտ շրջանին մէջ:
Պիր Ապըտը թիրախ դարձնողը նոյն շրջանին մէջ գտնուող «Քարտ Հասան» կառատան մէջ «Նիսան 4×4» տիպի ականուած ինքնաշարժ մըն էր: Ականուած այս ինքնաշարժը պայթած էր Իսլամական համագործակցութեան կեդրոնին կից:
Ապահովական ուժերուն բացած հետաքննութեան նախնական արդիւնքներուն համաձայն, ականը 35 քիլոկրամ պայթուցիկ նիւթ կը կրէր:
Ռամատանի առաջին օրուան ընթացքին կատարուած այս ոճրային արարքին նպատակն էր կարելի եղածին չափ մեծ թիւով մարդկային վնասներ պատճառել:
Պայթումը պատճառեց նաեւ նիւթական մեծ վնասներ` շրջանին մէջ գտնուող շէնքերուն եւ վաճառատուներուն, ինչպէս նաեւ նոյն կառատան մէջ գտնուող ինքնաշարժներուն պարագային:
Դէպքին վայրը փութացին բանակն ու ներքին ապահովութեան ուժերը, որոնք շրջափակեցին շրջանը եւ քաղաքացիներէն պահանջեցին ուղղուիլ իրենց բնակարանները:
Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել ուղղուեցաւ դէպքին վայրը:
Շարպել դատապարտեց գործուած պայթումը` ընդգծելով հետաքննութեան կարեւորութիւնը` քողազերծելու համար պայթումին ծալքերը:







All the contents on this site are copyrighted ©.